Տէ՜ր Աստուած իմ, հզօր եւ գթած, դուն՝ որ քու անսահման սիրովդ զիս ոչինջէն ստեղծեցիր քու անիմանալի պատկերովդ, եւ բարի պարգեւներովդ կը հոգաս իմ բոլոր պէտքերս. ամբողջ սրտով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ քեզի՝ ամէն բանի համար, որ տուիր ինծի ծննդեանս օրէն մինչեւ այսօր: Բայց որովհետեւ մարդկային յանցանքներուն բերումով՝ ապականած, տկար, եւ սխալական բնութիւն մը ունիմ, կ’աղաչե՜մ, ինծի քու շնորհքդ եւ իմաստութի՛ւնդ տուր, եւ քու զօրութիւնդ օգնական դարձուր ինծի, որպէսզի կարենամ միշտ քու պատուիրաններուդ փըրկակար շաւիղներուն մէջ քալել, եւ համակերպիմ քու կամքիդ եւ Օրէնքիդ, որպէսզի զերծ մնամ հոգիի եւ մարմնի բոլոր վտանգներէն ու փորձանքներէն, հեռու մնամ բոլոր անմիտ սխալներէն, յամառութեան մոլութենէն, անկարգ ցանկութիւններէն եւ սեփական քմահաճոյքներէ:
Դրոշս՞է՛ հոգիիս մէջ՝ քու երկիւղդ, որպէսզի մաքրութեամբ եւ արդարութեամբ ապրիմ, միշտ քե՛զ ունենալով մտքիս մէջ: Իմ կամքս յօժար դարձուր բարիին եւ քու կամքիդ, դո՛ւն ուղղէ իմ խօսքերս, որպէսզի միշտ վայելուչը ընտրեմ: Իմ տկար անձս մի՛ մատներ այս աշխարհի փորձանքներուն ու տագնապներուն, որպէսզի չըլլա՛յ որ չեղիմ քու խօսքէդ եւ բարի չաւիղէն:
Իմ սրտիս մէջ բողբոջէ եւ աճեցուր բոլոր առաքինութեանց սերմերը, որպէսզի անոնցմով ապրիմ իմ ամբողջ կեանքս: Շնորհէ՛ որ միշտ խոնարհ ըլլամ, հեզ եւ համեստ՝ վարքով, բարի եւ մաքուր՝ խորհուրդներով, խօսքով ու գործով, ճշմարտախօս ըլլամ եւ ուրիշին չվնասեմ իմ խօսքերովս, հաւատարիմ եւ ժրաջան ըլլամ պարտականութիւններուս կատարումին եւ մանաւանդ այն դերին մէջ, որ դուն տուիր ինծի: Թող արդար, բարեմիտ, իրաւունքը սիրող եւ ողորմած ըլլամ. իմ բոլոր գործերուս մէջ եւ ընկերներուս հանդէպ իմ արարքներուս մէջ. մեծարող եւ հնազանդ ըլլամ ծնողներուս եւ մեծերուս, բարի, քաղցր եւ սիրալիր՝ բոլոր մարդոց հանդէպ, եւ պատրաստ ըլլամ մարդոց ընելու այն՝ ինչ որ պիտի ուզեմ որ ուրիշները ընեն ինծի:
Քու անհուն խնամքովդ՝ դուն հոգա իմ հոգեւոր ու մարմնաւոր պէտքերս, եւ այնպէս ըրէ՝ որ ամէն բանի մէջ քեզի՛ յուսամ եւ ապաւինիմ: Թոյլ տուր որ միշտ շնորհակալութիւն յայտնեմ ինծի տուած բոլոր պարգեւներուդ համար, եւ գոհունակ սրտով բաւարարուիմ իմ վիճակովս ու պայմաններովս:
Հեռո՛ւ պահէ զիս ծուլութենէ եւ պարապութենէ: Փրկէ՛ զիս չար ընկերներէ, չար օրինակնրէ, եւ բոլոր վտանգներէն ու փորձութիւններէն: Եւ ընդունէ՛ հօրս եւ մօրս, եղբայրներուս եւ քոյրերուս, ամբողջ ընտանիքիս եւ բարեկամներուս, ինչպէս նաեւ բոլոր մարդոց համար իմ խնդրանքս. բոլորն ալ յիշէ՛ քու սիրոյդ մէջ, եւ բոլորին ալ առատօրէն տո՛ւր քու բարի պարգեւներդ, թէ՛ հոս եւ թէ՛ յաւիտենական կեանքի մէջ: Որովհետեւ քո՛ւկդ են փառքը, պատիւն ու զօրութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: